2014-04-01 12:10:29

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ` Կարտինալ Սանտրիի զօրակցութիւնը քեսապահայութեան։


26 մարտին, Քեսապի գրաւումին եւ հայութեան տեղահանումի տխուր լուրին որպէս արձագանգ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին Նախագահ` Կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունեցած հեռաձայնային կապով մը, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քեսապի տեղահանուած հայ ժողովուրդին ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան:
Ան փոխանցեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետին զօրակցութեան խոր զգացումները եւ վստահեցուց Սրբազան Պապին եւ իր անձնական աղօթքները հայ ժողովուրդին տառապալի այս պահուն:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Կարտինալին ներկայացուց քեսապահայութեան այսօրուան իրավիճակը եւ այն բոլոր աշխատանքները որոնք կը կատարուին հայկական եկեղեցական կամ ընկերային կառոյցներուն կողմէն, օգնութեան հասնելու համար իրենց եղբայրակիցներուն։
Կարտինալ Սանտրի տեղեկացաւ նաեւ թէ Քեսապի՝ ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութիւններուն աղօթավայրերը գրաւուած են Թուրքիայէն խուժած զինեալներու կողմէն, եւ թէ այսօր Քեսապի հետ կապ կարելի չէ հաստատել:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իմացաւ նաեւ թէ Վատիկանեան բարեսիրական հաստատութիւններ արդէն օգնութեան կը հասնին Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին միջոցաւ պիտի զօրակցին նաեւ քեսապահայութեան:
Քաղուած` Հայ Կաթողիկէ լրատուական գրասենեակի հաղորդագրութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.